
ԱՆՆԵՐԴԱՇՆԱԿՈՒԹԻՎՆՆԵՐ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԵՎ ՍՓՅՈՒՌՔԻ ՄԻՋԵՎ
Անցեալ տարի թուղթին յանձնեցի մտորումներ, ուր առարկեցի, թէ հայերս մեր բոլոր ճիգերը կեդրոնացուցած ենք Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման ուղղութեամբ եւ զայն անիրաւօրէն դարձուցած սակարկութեան առարկայ: Փոխարէնը՝ մեր հայրենիքի ապագայի մասին մտածելով, մենք հայերս հարկ է, որ անոր գոյատեւման եւ զարգացման մասին խորհինք: Ստացայ բաւականին դրական մեկնաբանութիւններ: Հետեւաբար քաջալերուած անգամ մը եւս թուղթին պիտի յանձնեմ նոր մտորումներ, ատենը մէյ մը մէջբերումներ ընելով անցեալ տարուան մտորումներէս, քանի որ, դժբախտաբար, կացութիւնը մեծ մասամբ կը մնայ անփոփոխ:
Պահ մը վերադառնալով անցեալ տարուան մտորումներուն, ի յայտ կու գայ հետեւեալ կացութիւնը. Ա. Հայկական Ցեղասպանութիւնը պատմական իրողութիւն է անկախաբար Թուրքիոյ կամ այլոց ճանաչումէն կամ ուրացումէն, Բ. Հայաստանի հողերուն մեծամասնութիւնը՝ Արեւմտահայաստանը կը մնայ գրաւեալ, Գ. Հայաստանի ներկայ սահմանները դժուար թէ ապահովեն իր գոյութիւնը:
Տարի մըն ալ անցաւ եւ վերեւի կացութիւնը կը մնայ նոյնը: Հայրենիք եւ Սփիւռք կը պայքարին գոյատեւելու համար՝ սակայն, դժբախտաբար, ամէն մէկը իր տարբեր ճամբան բռնած: Պաշտօնական յայտարարութիւններու համաձայն, բնաւ տարակարծութիւն գոյութիւն չունի երկու կողմերուն միջեւ, սակայն երբ պահ մը կանգ առնենք եւ փորձենք մօտէն քննել կացութիւնը, շատ շուտով ի յայտ կու գայ, թէ ամէն մէկը գլուխը առած կը քալէ ինքնուրոյն:
Միւս կողմէ Թուրքիան պարտաճանաչօրէն կը շարունակէ Հայաստանը շրջափակելու եւ ստրկացնելու իր բոլոր ջանքերը ի գործ դնել, առարկելով թէ երկու երկիրներուն միջեւ սահմանը փակ պիտի մնայ մինչեւ այն ատեն, երբ Ցեղասպանութեան հարցը եւ Արցախի հարցը մոռցուին հայութեան կողմէ:
Առաւել, Թուրքիա-Վրաստան-Ադրբէյճան եռեակը համաձայնութիւն կնքեց Կարս-Ախալքալաք-Թբիլիսի-Բաքու երկաթուղային նախագիծին շուրջ: Ասիկա փաստօրէն կը նշանակէ Հայաստանի շրջափակման ամրապնդումը: Անցեալ տարեվերջին Թուրքիան նոյնպէս «թեքնիքական» պատճառաբանութիւններ առաջ բերելով, մի քանի օրուան համար փակեց իր հողատարածքին վրայէն օդային երթեւեկը հայկական ընկերութիւններու դիմաց:
Այստեղ պէտք է անդրադառնալ նաեւ անցեալ տարուան յաջողութիւններուն: Իրանի եւ Հայաստանի միջեւ գազատարի կառուցման աւարտը հսկայական իրագործում մը կարելի է համարել, քանզի ան Ռուսաստանէն զատ ուժանիւթի երկրորդ աղբիւր մը ստեղծեց Հայաստանի համար:
Այս մեծ ծրագիրը իրականացաւ հակառակ ԱՄՆ-ի եւ Ռուսաստանի բացասական դիրքորոշման: Անոնցմէ իւրաքանչիւրը, ելլելով իր սեփական շահերէն, դէմ էր այդ նախագիծին: Իրանը ԱՄՆ-ի համար հիմնական «անհաճոյ» երկիրներէն է եւ անոր տնտեսական ազդեցութեան ընդլայնումը անհանդուրժելի է: Մինչ Ռուսաստանը, ըլլալով Հայաստանի միակ գազամատակարարը, կը փափաքէր Հայաստանի միակողմանի կախուածութիւնը մնար անփոփոխ: Սակայն ի վերջոյ, Հայաստանի իշխանութիւնները յաջողեցան յաղթահարել երկու գերտէրութիւններուն դիրքորոշումը եւ անոնցմէ «պոկել» գազատարը կառուցելու համաձայնութիւնը:
Մինչ այդ, Արեւմուտքի լարուածութիւնը Իրանի հանդէպ կը շարուանկուի...
Եկէք այժմ անդրադառնանք վերջին տարիներէն մի քանի օրինակներու, ուր հայրենիքին եւ սփիւռքին դիրքերը ոչ միայն չեն համընկնիր, այլ ծայրաստիճան իրարու կը հակասեն:
Ինչպէս ամէն տարի, այս անգամ եւս ամերիկահայերը ի զուր դիմեցին ամերիկեան քոնկրէսին, որպէսզի պաշտօնապէս ճանչնայ Հայկական ցեղասպանութիւնը: Արդիւնքը՝ դարձեալ ոչինչ: Միայն կարելի եղաւ քոնկրէսին արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի բանաձեւին ընդունումը: Սպիտակ տունը յարմար չտեսաւ առայժմ այս հարցը մէջտեղ բերել եւ վշտացնել վստահելի դաշնակից մը, փոխան պատմական թուականի մը «Ցեղասպանութիւն» որակումին, որ տեղի ունեցած էր անցեալ դարու սկիզբը: Հակառակ ասոր, Թուրքիա պաշտօնապէս բողոքեց եւ մինչեւ իսկ երկրին վարչապետը անձնապէս մեկնեցաւ Մ. Նահանգներ կասեցնելու այս «խիստ վտանգաւոր» քայլը: Քոնկրէսին քննարկման նիստին ներկայ էր եւ Տէրունական աղօթքով բացումը կատարեց Վեհափառ Հայրապետը, որ ինքնին իւրայատուկ դէպք մըն էր: Սակայն ամերիկահայ գաղութը որեւէ աջակցութիւն չգտաւ Հայաստանի կառավարութենէն: Հայաստան անդադար կը յայտարարէ, թէ Հայկական ցեղասպանութեան ճանաչումը իր արտաքին քաղաքականութեան մաս կը կազմէ, սակայն յայտնի չէ թէ ատիկա ի՞նչ կը նշանակէ: Երբ հարցը կուգայ տարբեր հայ համայնքներու աշխատանքներուն ի սպաս Հայկական ցեղասպանութեան ճանաչման, ատիկա կը դառնայ սոյն երկիրներու ներքին հարց, որուն Հայաստան կարելի չէ, որ միջամուխ ըլլայ:
Եւրոպայի հայկական համայնքները օրն ի բուն իրենց կոկորդը կը պատռեն, որ Թուրքիան Եւրոմիութեան ընտանիքին անդամ չդառնայ՝ մինչեւ որ Թուրքիա չընդունի Հայկական ցեղասպանութիւնը եւ չվերացնէ Հայաստանի շրջափակումը: Եւրոմիութեան Խորհրդարանին առջեւ Եւրոպայի զանազան երկիրներէ ժամանած հայրենակիցներ արդարութեան կոչ կ՛ուղղեն: Միւս կողմէ Հայաստանի իշխանութիւնները ամենայն անտարբերութեամբ կը յայտարարեն, թէ Հայաստան համամիտ է Թուրքիոյ Եւրոմիութեան անդանամակցութեանը առանց որեւէ նախապայմանի: Արդի՞ւնքը, Եւրոմիութեան կողմէ որոշուած Թուրքիոյ անդամակցութեան նախապայմաններուն մէջ տեղ չէ գտած ոչ մի կէտ, որ առնչութիւն ունենար հայութեան դէմ գործուած անիրաւութիւններուն:
Արեւմուտքին աչքը մտնելու եւ երկրին զբօսաշրջիկութեան զարկ տալու նպատակով, Թուրքիա Աղթամարի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ «բացումը» կատարեց, անոր «շնորհելով» բոլորովին տարբեր իմաստ ներկայացնող թրքացուած Աքտամար անունը: Եկեղեցին նորոգուած էր, սակայն գմբէթէն կը պակսէր իր անուան պատշաճ խաչը, քանի ան այլեւս վերածուած էր թանգարանի: Սփիւռքահայութիւնը հեռու մնաց «բացման» արարողութենէն՝ ինչպէս եւ Ս. Էջմիածինը (ի բացառեալ Կ. Պոլսոյ Պատրիարքէն՝ հասկնալի պատճառներով): Սակայն Հայաստանի կառավարութիւնը մեծ խանդավառութեամբ ներկայացուցիչներ ուղարկեց, որոնք մասնակից դարձան վիրաւորիչ «բացման» հանդիսութեան մը, ուր հայկական քրիստոնէական ժառանգութեան վրայ կը ծածանէին Աթաթուրքի մեծ լուսանկարը եւ թրքական դրօշը՝ իր մահիկով: Այստեղ պէտք է յիշել, թէ շրջափակման պատճառով Հայաստանի պատուիրակութիւնը ստիպուած եղաւ Վրաստանի ճամբով երկու օրէն կտրել մի քանի ժամուան ճամբորդութիւնը....
Հայաստան կ՛առարկէր, թէ այս առիթ մըն էր, որպէսզի երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւնները նորմալացման ճամբան բռնեն, որոնք դեռեւս դիւանագիտական կապեր չեն հաստատած: Բայց ափսոս, ոչինչ չստացուեց: Փոխարէնը, այժմ Թուրքիոյ կառավարութիւնը կը պատրաստուի Կարսի Սուրբ Առաքելոց եկեղեցին թանգարանի վերածելու՝ առանց պահ մը իսկ խորհրդակցելու Հայաստանի կառավարութեան կամ Ս. Էջմիածնի հետ:
Մի երեք տարի առաջ Հայաստան որոշեց 46 զինուորականներէ կազմուած հայկական ջոկատ մը Իրաք ուղարկել՝ միանալու ԱՄՆ-ի գլխաւորած բազմազգ ուժերու կոալիցիային: Ամբողջ սփիւռքը դէմ կեցաւ այս որոշումին եւ Իրաքի վտանգի տակ ինկած հայկական համայնքը պաղատեցաւ, որ Հայաստան իր որոշումը վերանայի: Հայաստան առարկեց, թէ այս քայլը կ՛առնէ զուտ ազգային շահերէ մեկնելով: Անշուշտ անարդար պիտի ըլլար այս առարկութեան դէմ դիրք բռնել: Սակայն կոալիցիային մօտ 20 երկիրներէն Հայաստան ունի իր իւրայատուկ դիրքը: Ան միակն է, որ ազգայիններ ունի պատերազմէն տառապող այդ երկրին մէջ՝ թիւով 15-էն 20 հազար: Հայաստան, կոալիցիայի անդամ ըլլալով, արդեօ՞ք որեւէ քայլեր ստանձնեց այդ արիւնակից հին համայնքին ապահովութեան ուղղութեամբ: Հայաստան միշտ պարտաճանաչօրէն բարեկեցիկ հայ համայնքներու անդամներուն կը յիշեցնէ իրենց ազգային պարտականութիւնը հանդէպ իրենց հայրենիքին եւ աջ ու ձախ քաղաքացիութիւն կը բաժնէ նուիրատուներու: Սակայն երբ հարցը կու գայ ճգնաժամի մէջ ապրող համայնքներու, անոնք յարմարօրէն կը դառնան օտարերկրացիներ, որոնք Հայաստանի իրաւասութենէ դուրս կ՛իյնան:
Նոյնն է պարագան նաեւ Վրաստանի Ջաւախքի, կամ վրացական պաշտօնական անուանումով Ախալքալաքի մէջ հայրենակիցներու նկատմամբ մայր հայրենիքի վերաբերումին: Ջաւախքահայութիւնը ամէն կերպ օգնութիւն կը պահանջէ Հայաստանի իշխանութիւններէն, երբ իր ապահովութիւնը եւ գոյութիւնը լուրջ վտանգի տակ է Վրաստանի տարած հակահայ քաղաքականութեան պատճառով: Սակայն ըստ Հայաստանի, անոնք իրաւական գետնի վրայ օտարերկրացիներ են եւ միայն Վրաստանի իշխանութիւններուն վստահելով կարելի է կացութիւնը բարելաւել:
Սակայն երբ հարցը կու գայ արցախահայութեան, Հայաստանի կառավարութիւնը ձեռքով-ոտքով մխրճուած է այս հարցին մէջ եւ արցախահայութեան անունով Ադրբէյճանի հետ սպառիչ բանակցութիւններու կը մասնակցի: Այս հարցը, որ հիմնականին մէջ արցախահայութեան ինքնորոշման ընդդէմ Ադրբէյճանի տարածքային ամբողջականութեան հարց մըն է, Թուրքիա եւ Ադրբէյճան զայն հմտօրէն դարձուցած են Հայաստանի ուժերուն կողմէ «Ատրպէյճանի գրաւեալ հողատարածքներու ազատագրման հարց»: Այսօր եթէ Ղարաբաղի խմբակը Հայաստանի իշխանութեան գլուխը անցած է եւ ակտիւորէն պահապան կը կանգնի արցախահայութեան, բնական է, թէ Հայաստանի դրացի երկրներու սահմանամերձ միւս հայկական համայնքները եւս նմանօրինակ վերաբերմունք ակնկալեն Հայաստանի կառավարութենէն իբրեւ հայ ժողովրդի օրինաւոր ներկայացուցիչը:
Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան աններդաշնակութիւնը եւ Սփիւռքի ընդհանուր մօտեցումին հետ բախումը այսքանով չի վերջանար:
Անցեալ դարու սկիզբը, Սեւրի դաշնագրով յաղթական դաշնակից տէրութիւնները յանձնարարեցին Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ուուտրօու Ուիլսընին, իբրեւ միջնորդ դատաւոր, Հայաստանի արեւմտեան սահմաններու (Թուրքիոյ հետ) ճշդումը: Ուիլսըն, որպէս միջազգային յանձնարարութեան գործադրող, գծեց սահմանները, որոնցմով Հայաստանին կը շնորհուէր Արեւմտահայաստանի հողերուն կարեւոր մէկ մասը, նաեւ ելք տալով դէպի Սեւ ծով: Այս վճիռը, որպէս նշանակուած դատաւորի վճիռ, պարտադիր էր բոլոր պետութիւններուն համար: Սակայն թուրքերը, հմտօրէն օգտագործելով միջազգային նոր պայմանները, յաջողեցան մոռացութեան տալ այդ որոշումին իրագործումին:
Յատկանշական է, թէ պատկառելի «Թայմզ» աշխարհի ատլասին 1920-էն 1922 հրատարակութիւններուն մէջ, Սեւրի դաշնագրի որոշումին համաձայն, Հայաստանը տեղ գտած է միւս երկիրներու կողքին, ուր իր արեւմտեան սահմանները կ՛երկարէին մինչեւ Սեւ ծով:
Շատեր կ՛առարկեն, թԷ Սեւրի դաշնագիրը պատմութեան անցած է այլեւս եւ նոյնինքն ԱՄՆ-ի քոնկրէսը զայն չէ վաւերացուցած: Սեւրին յաջորդեց խնդրոյ առարկայ Ալեքսանդրապոլի պայմանագիրը՝ ստորագրուած Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան կառավարութեան կողմէ իր վերջին ժամերուն, որուն համաձայն Հայաստանի կը մնար ընդամէնը 12 հազար քառ. քիլոմետրանոց մի տարածք: Ասոր յաջորդեց Մոսկուա-Կարսի պայմանագրի կնքումը, ուր Հայաստան ապահովեց մօտ 29 հազար քառ. քիլոմետրանոց տարածութիւն, որը յետագային պիտի հանդիսանար ներկայ Հայաստանը: Սակայն ան կը ներկայացնէ միմիայն Արեւելեան Հայաստանը, մինչ մեր հայրենիքին մնացեալ ինն տասներորդը, որուն մեծամանութիւնը կը կազմէ Արեւմտահայաստանը, կը մնայ գրաւեալ:
Հայաստան կը պնդէ, թէ ինք կը յարգէ Կարսի դաշնագիրը, որ կը նշանակէ, թէ Հայաստան որեւէ հողային պահանջներ չունի Թուրքիայէն: Նոյնպէս, ասիկա կը նշանակէ, թէ Հայաստան կ՛ընդունի Ադրբէյճանի հովանաւորութիւնը Նախիջեւանի վրայ: Երկու կէտեր, որոնք բոլորովին հակառակ են Սփիւռքի դիրքերուն, որ օրն ի բուն կ՛աղաղակէ գրաւեալ հողերուն վերադարձը իրենց իրաւական տիրոջ: Հայաստանի դիրքը անբացատրելի է, քանի Համաշխարհային Բ. Պատերազմէն ետք, նոյնինքն Խ. Միութիւնը ի զուր փորձեց Կարսի պայմանագիրը վերանայիլ եւ հայկական գրաւեալ հողերը վերադարձնել իրեն: Արեւմուտքի ջանքերուն հետեւանքով, որը չէր կրնար հանդուրժել հողային տարածքներ յանձնել այն ատենուան համայնավար գերհզօր պետութեան, այդ փորձը ձախողութեան մատնուեցաւ:
Վերջապէս Լոզանի դաշնագիրը ստորագրուեցաւ ճշդելու Թուրքիոյ սահմանները Յունաստանի, Պուլկարիոյ, Իրաքի եւ Սուրիոյ հետ: Լոզանի մէջ Թուրքիոյ արեւելեան սահմանները չքննարկուեցան, քանզի անոնք արդէն Կարսի դաշնագրով երկու տարի առաջ որոշուած էին: Այստեղ յատկանշական է նշել նաեւ, թէ ինչպէս որ Մ. Նահանգներու քոնկրէսը չվաւերացուց Սեւրի դաշնագիրը, ան չէ վաւերացուցած նաեւ Լոզանի դաշնագիրը:
Եթէ Հայաստանի ներկայ Հանրապետութիւնը բաւարարուած է իր ներկայ սահմաններով, ուր ան ընդմիշտ կախեալ կը մնայ իր դրացիներուն բարեացակամ վերաբերմունքէն, զարմանալիօրէն ան մինչեւ օրս չէ միացած Ծով ելք չունեցող երկիրներու տարանցիկ առեւտուրի համագումարին: Միւս կողմէ, Թուրքիա եւ Վրաստան իբրեւ լիիրաւ անդամներ այդ համագումարին, իրենց միջեւ կնքած համաձայնութիւններով յարատեւօրէն կ՛ոտնահարեն ազատօրէն դէպի ծով ելք ունենալու Հայաստանի իրաւունքը: Բոլորս քաջ տեղեակ ենք, թէ աղաչելով կամ բողոքելով իրաւունք չի պահանջուիր, հարկ է միանալ համապատասխան միջազգային համագումարներու՝ իրաւականօրէն իրաւունք պահանջելու համար:
Վերջերս մէջտեղ եկաւ հետաքրքրական գրութիւն մը «Հայաստանը եւ հայերը» խորագրով, որ լոյս տեսած էր «Նեշընըլ Ջէոգրաֆիք» հանդէսին 1915-ի հոկտեմբերի համարին մէջ: Այս յօդուածին մէջ առանց բառերը ծամծմելու յօդուածագիրը կ՛ըսէր, թէ Հայաստան անունով երկիր գոյութիւն չունի եւ թէ ան միայն յուզմունք եւ վրդովմունք կը պատճառէ աշխարհատարած հայերուն: 1978-ին նոյն հանդէսը անգամ մը եւս կ՛անդրադառնար Հայաստանին եւ հայութեան: Հայաստան այս անգամ դարձած էր պետականութիւն Խ. Միութեան մաս կազմելով, ուր հայութիւնը կը ջանար պահել իր մշակոյթը եւ ինքնութիւնը: «Նեշընըլ Ջէոգրաֆիք» դարձեալ կը հրատարակէ յօդուած մը 2004 թ.-ին, ուր Հայաստանն այլեւս գոյութիւն ունի իբրեւ ազատ եւ անկախ պետութիւն:
Ուրեմն պատկերը այսօր բոլորովին տարբեր է: Հայաստան այլեւս ինքնիշխան երկիր է եւ ներկայ իշխանութիւնը ներկայացուցիչն է համայն հայութեան, հետեւաբար ան պէտք է ըլլայ նաեւ պահանջատէրը հայ ժողովուրդի իրաւունքներուն: Երկրի մը իշխանութիւնները կրնան շեփորը հանդիսանալ ժողովուրդին միայն այն ատեն, երբ ժողովրդական հիմերու վրայ են հաստատուած: Իրաւունքներու հետապնդման եւ պահպանման աշխատանքները պէտք է տարուին ոչ միայն որովհետեւ Արեւմտահայաստանը կը պատկանի հայ ժողովուրդին, եւ սփիւռքահայութեան երազն է վերատիրանալ անոր, այլ որովհետեւ ռազմագիտականօրէն առանց անոր Արեւելահայաստանը, կամ ներկայ Հայաստանը, պիտի չկարենայ երկար ատեն գոյատեւել իբրեւ ազատ եւ անկախ պետութիւն:
Սակայն ասիկա կարելի չէ իրականացնել լոկ արեւմտեան երկիրներու ռամկավարական մթնոլորտը օգտագործելով եւ փողոցները հայկական եռագոյնը ծածանելով՝ «Արդարութիւն, արդարութիւն» գոռալով: Ոչ ալ կարելի է գրաւեալ հողերուն վերատիրանալ գիշեր-ցերեկ հին փառքերու մասին երազելով: Ամերիկահայերը այսօր քաղաքացիներն են մեր մոլորակին միակ հզօր պետութեան: Տեղւոյն հայկական կազմակերպութիւնները փոխանակ պատմական իրողութեան մը՝ Ցեղասպանութեան ճանաչումով ժամավաճառ ըլլալու, պէտք է իրենց նիւթական բոլոր կարելիութիւնները դնեն ի սպաս մասնագիտական քարոզչական մեքենաներու, որպէսզի ամերիկեան Քոնկրէսը գործադրէ իր 28-րդ նախագահին Սեւրի պարտադրիչ յանձնարարութիւնները:
Եթէ կ՛ուզենք, որ աշխարհ մեզ լուրջի առնէ, հարկ է որ Հայրենիք-Սփիւռք յարաբերութիւնները սերտանան ոչ միայն զբօսաշրջիկային բնոյթ ունեցող համագումարներու եւ կամ դրամահաւաքի՝ թելեթոններու մարզերէն ներս, այլ նաեւ ռազմագիտական հարցերու շուրջ: Ապա թէ ոչ իրարու հակասելով ծիծաղելի ըլլալու վտանգին տակ կ՛իյնանք եւ փոխանակ մեր վերջնական նպատակին հասնելու, կը կորսնցնենք ամէն ինչ: Սիդնեյ, Աւստրալիա
- ԱՐԵԳ ԵԱՓՈՒՃԵԱՆ
Քննարկում
փայտփորիկ գրել է:
Շատ հարգելի պարոն ԱՐԵԳ ԵԱՓՈՒՃԵԱՆ:Կուզեմ Ձեզ հետ մի փոքր «չհամաձայնվել,վիճել»:
Դուք «սխալվում» եք ,թե Հայաստան-Սփյուռք հարաբերությունները անսերտ են:Տո լավ էլ «սերտ»են,մեկը՝ ինչպես Դուք եք ասում, (ավելի լավ՝ փայտփորիկի ոճով ասեմ),փող հավա-քելուց՝ որպես ՄԵԾԱՊԱՏԻՎ ՄՈՒՐԱՑԿԱՆՆԵՐ(ուր ես Հակոբ Պարոնյան),մյուսը՝ այս կամ այն
Եւրատեսիլքների ժամանակ SMS հաղորդագրություններով այս կամ այն երգչին(որոնց երգածի
մեջ անպայման մեկ-երկու արեւելյան՝ արաբա-թուրքական դարձվածքներ կան)աջակցելուց,
սփյուռքից եկած ,գործ(բիզնես)դնող հային հոշոտել-քցելուց,ցեղասպանության վրա ֆռռալուց(էդվարդ թոփչյան եւ մշակույթի նախարարություն)...շատ ուժեղ «սերտ են»:Ասածս որն է,ջանըմ,Դուք ոռ ու գլուխ կորցրածների հետ գործ չունեք,հավաքվեք ձեզ ու ձեզ ու մտածեք, թե «էշը ցեխից ոնց եք հանում»...մինչեւ լավ օրերը գան???:
Երեխաները մայրիկի վրա նոր հագուստ տեսնելով հարցնում են,-մայրիկ,էս ինչ լավն է,հայրիկն է՞ առել:Հողեմ հորդ գլուխը,-պատասխանում է մայրիկը,-հորդ հույսին որ մնայի,դուք էլ չէիք լինելու:Այնպես որ հարգելի պրն ԱՐԵԳ ԵԱՓՈՒՃԵԱՆ,Ձեր հույսը՝ Ձեր ու ձերոնց վրա...
ԱԴԱՄ ՇԻՖԸ ՊԱՀԱՆՋՈՒՄ Է ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՇՐՋԱՓԱԿՄԱՆ ՎԵՐԱՑՈՒՄ
4Կոնգրեսական Ադամ Շիֆը օրինագիծ է ներկայացրել, որով պահանջվում է ԱՄՆ-ի նախագահից եւ պետքարտուղարից կոչ անել Թուրքիային անմիջապես վերացնել Հայաստանի շարունակվող շրջափակումը: «Վերջ Թուրքիայի կողմից Հայաստանի ...ՄԱԿ-ՈՒՄ ՎՐԱՑԱԿԱՆ ԲԱՆԱՁԵՎԻՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ ԴԵՄ Է ՔՎԵԱՐԿԵԼ
ԱՂԱՎՆԻ ՀԱՐՈՒԹՅՈՒՆՅԱՆ 13ՄԱԿ-ի Գլխավոր ասամբլեայում փախստականների եւ բռնի տեղահանվածների ու նրանց հետնորդների Աբխազիա վերադառնալու մասին վրացական բանաձեւի առնչությամբ տարբեր երկրների քվեարկության ընթացքում, ըստ Վրաստանի նախագահի, ...«ՎԱՆՈՒՄ ՀԱՅԵՐԻ ՀԱՄԱՐ ԱՎԱՆ ԵՆ ԿԱՌՈՒՑՈ՞ՒՄ, ԹԵ՞ ՍՏԵՂԾՈՒՄ ԵՆ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԱՄԱՅՆՔ»
Հ. Չ. 1Մայիսի 14-ի համարում «Ազգը» տեղեկացրել էր Վանա լճի ափին հայերի համար տուրիստական ավան կառուցելու նախաձեռնության մասին: Տեղեկության համար հիմք էր ծառայել թուրքական «Միլլիեթ» թերթի մայիսի 13-ի հրապարակումը: ...ԷՆԵՐԳԵՏԻԿ ՊԱՏԵՐԱԶՄՆԵՐ
ՌՈՒԲԵՆ ՀԱՅՐԱՊԵՏՅԱՆ, Մոսկվա 1Վլադիմիր Պուտինը, դառնալով վարչապետ, ի պաշտոնե գլխավորապես կկենտրոնանա տնտեսական խնդիրների լուծման վրա: Արտաքին քաղաքականությունը կդառնա նորընտիր նախագահ Դմիտրի Մեդվեդեւի մենաշնորհը: Բնականաբար, համաշխարհային ...ՄԱՅԻՍԻ 19-ԻՆ ԱԴՐԲԵՋԱՆ ԿԱՅՑԵԼԻ ԹՈՒՐՔՄԵՆՍՏԱՆԻ ՆԱԽԱԳԱՀԸ
ՀԱԿՈԲ ՉԱՔՐՅԱՆՈրքան էլ Թուրքիան եւ Ադրբեջանը համարվեն «մեկ ազգի երկու պետություն», որոնց Թուրքմենստանի, Ղրղզստանի, Ուզբեկստանի եւ Ղազախստանի համադրմամբ այսպես կոչված միեւնույն ազգին պատկանող պետությունների թիվը հասնի ...ԿՀԱՄԱՁԱՅՆԵ՞Ն «ԱՐՄԵՆՏԵԼՆ» ՈՒ ԻՆՏԵՐՆԵՏ ՊՐՈՎԱՅԴԵՐՆԵՐԸ
Ա. Մ. 4Տնտեսական մրցակցության պաշտպանության հանձնաժողովից տեղեկացանք, որ երեկ հանձնաժողովում քննարկում է տեղի ունեցել «Արմենտելի» դեմ ինտերնետ պրովայդերների հարուցած վարույթի առնչությամբ: Այն վարել է հանձնաժողովի ...ՀԱՅԱՍՏԱՆԻՆ ԿՏՐՎԻ 74 ՄԻԼԻՈՆ ԵՎՐՈ ՎԱՐԿ
Հայ-գերմանական երկկողմ համագործակցության շրջանակներում Գերմանիայի կառավարությունը Հայաստանին կտրամադրի 74 միլիոն եվրո վարկ, որը կուղղվի էներգետիկայի, ֆինանսական, ջրամատակարարման եւ ջրահեռացման, առողջապահության ...«ՀԱՅԱՍՏԱՆ» ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԻՄՆԱԴՐԱՄԻ ՀԵՐԹԱԿԱՆ ՆԻՍՏԸ ԿՂԵԿԱՎԱՐԻ ՍԵՐԺ ՍԱՐԳՍՅԱՆԸ
Մ. Մ.Մայիսի 27-ին Երեւանում կայանալիք «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի հոգաբարձուների խորհրդի 17-րդ նիստին կմասնակցեն ԼՂՀ նախագահ Բակո Սահակյանը, Հայաստանի եւ ԼՂՀ վարչապետները, ԱԳՆ եւ ֆինանսների նախարարները, ...«ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹՅՈՒՆԸ ՊԵՏՔ Է ԽՐԱԽՈՒՍԻ ՆԱԽԱՁԵՌՆՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐԸ ԵՎ ԲԱՐՁՐԱՑՆԻ ԹՈՇԱԿՆԵՐՆ ՈՒ ՆՊԱՍՏՆԵՐԸ»
Ա. Մ.Գազի սուբսիդավորման հետեւանքով դրա գնի բարձրացմանն ու ընդհանրապես թանկացումների թեմային երեկ անդրադարձավ եւ իր գնահատականները տվեց «Ուրբաթ» ակումբի հյուրը՝ Ազգային Ժողովի պատգամավոր, ՀՅԴ խմբակցության ...ԸՍՏ ՍՏԵՓԱՆ ԴԵՄԻՐՃՅԱՆԻ` ԵԽԽՎ ԲԱՆԱՁԵՎԻ ԿԱՏԱՐՈՒՄԸ ԵՐԿԽՈՍՈՒԹՅԱՆ ՀԻՄՔՆ Է
ՆԱԻՐԻ ՄՈՒՐԱԴՅԱՆՄարտի մեկի դեպքերի անկախ եւ անաչառ հետաքննություն, քաղբանտարկյալների ազատ արձակում, երթերի եւ ցույցերի օրենքի քննարկում եւ մի քանի պահանջներ, որոնք ՀԺԿ առաջնորդ Ստեփան Դեմիրճյանի համար առաջնային խնդիրներից ...ՃԳՆԱԺԱՄԸ ՀԱՂԹԱՀԱՐԵԼՈՒ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԱԿԱՆ ՋԱՆՔԵՐԸ
ՄԱՐԻԵՏԱ ԽԱՉԱՏՐՅԱՆՀասարակությունում եղած հետմարտիմեկյան սպասումները հավասարակշռելու քայլերից մեկը կարելի է համարել «Ժողովներ, հանրահավաքներ, երթեր եւ ցույցեր անցկացնելու» մասին օրենքի նախագծի` արտակարգ իրավիճակում արված ...ՊԱՀԱՆՋՈՒՄ ԵՆ ԱԶԱՏ ԱՐՁԱԿԵԼ ՆԺԿ ԱՌԱՋՆՈՐԴԻՆ
ՆԱԻՐԻ ՄՈՒՐԱԴՅԱՆՆԺԿ վարչության անդամ Հրաչյա Սարգսյանը երկու օր է, ինչ հացադուլ է հայտարարել գլխավոր դատախազության դիմաց: Երեկ լրագրողների հետ հանդիպման ժամանակ վերջինս նշեց, որ պահանջում է անհրաժեշտ բժշկական օգնություն ...«ԱՐԺԱՆԱՎԱՅԵԼ ԵՎ ԲԱՐԵԿԵՑԻԿ ԿՅԱՆՔ ԾԵՐԵՐԻ ՀԱՄԱՐ»
ԳԵՂԱՄ ՄԿՐՏՉՅԱՆ, ԳյումրիՏարեցներին ու ծերերին տարբեր կարգի աջակցությանը կարեւոր տեղ է տրված «Հայկական Կարիտաս» բարեսիրական հասարակական կազմակերպության ծրագրերում: Դրանցից մեկը «Արժանապատիվ եւ բարեկեցիկ կյանք ծերերի համար» ծրագիրն ...ՌԵԺԻՍՈՐԻ ԵՎ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԿԻՆՈՅԻ ԿԵՆՍԱԳՐՈՒԹՅՈՒՆԸ
ՕՖԵԼՅԱ ԱՅՎԱԶՅԱՆԼրացավ անվանի կինոռեժիսոր Լեւոն Իսահակյանի ծննդյան 100-ամյակը: Մեկ դար հետաքրքրական եւ լիարժեք ապրած տարիներ, որոնց մեծ մասն անմնացորդ նվիրաբերվել է հայկական կինոարվեստին: Նա Գյումրիում է ծնվել 1908-ի ...«ՓԵԼԵՇՅԱՆԻ ՖԻԼՄԵՐՈՒՄ ՏԻԵԶԵՐՔԻ ՀԱՌԱՉԸ ԿԱ»
ՄԱՐԻԱՄ ՄԻՐԶՈՅԱՆ«Նարեկացի» արվեստի միությունը դարձյալ իր գողտրիկ սրահ էր հրավիրել կինեմատոգրաֆի սիրահարներին՝ ներկայացնելու մեծ ռեժիսոր Արտավազդ Փելեշյանի «Սկիզբ», «Մենք», «Բնիկներ», «Տարվա եղանակներ» ֆիլմերը: Հիմնականում ...«ՎԱՂԱՐՇԱՊԱՏ»-Ի ՀԱՋՈՂՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐԸ ԹԵՀՐԱՆՈՒՄ
ՍՈՒՍԱՆՆԱ ՍԱՐԴԱՐՅԱՆ, ԹեհրանԷջմիածնի «Վաղարշապատ» երգի-պարի թատրոնը բարեգործական է: 200 սաներն անվճար են սովորում այնտեղ: Թատրոնը չորս տարվա անցյալ ունի եւ բազում հյուրախաղեր է ունեցել: Թեհրանի Հայ մարզամշակութային «ՐաՖՖի» համալիրի ...ՀԻՇԱՏԱԿԻ ԵՎ ՈԳԵԿՈՉՄԱՆ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹՅՈՒՆ
ՀԱՍՄԻԿ ՀԱՐՈՒԹՅՈՒՆՅԱՆ«Մեծ գրողի մահվան քսանյոթերորդ տարելիցն է եւ կարծես երկինքն էլ է սգում: Վիլյամ Սարոյանը վիթխարի անհատականություն է, նրա գաղափարները, գրականությունը, հումանիզմը հավերժական են: Սարոյանական տարվա միջոցառումների ...ՕՏԱՐ ՈՒՍԱՆՈՂՆԵՐԻ ՀԱՄԱՐ ՀԱՅԵՐԵՆԸ ԲԱՐԴ ԼԵԶՈՒ Է, ՈՐԻՆ ԱՐԺԵ ՏԻՐԱՊԵՏԵԼ
ՌՈՒԶԱՆ ՊՈՂՈՍՅԱՆԵրեւանի պետական համալսարանի օտարերկրյա քաղաքացիների նախապատրաստական ֆակուլտետը գործում է 1961 թվականից, մինչ օրս այնտեղ ուսանել է արտասահմանցի ավելի քան 6000 ուսանող, այդ թվում՝ 2600 սփյուռքահայ, որոնք ...ՄԱՅԻՍԻ 18-ԻՆ ԲՈԼՈՐ ԹԱՆԳԱՐԱՆՆԵՐԻ ՄՈՒՏՔԸ ԱԶԱՏ ԿԼԻՆԻ
Հայաստանում մայիսի 18-ին կնշվի Թանգարանների միջազգային օրը: Այդ օրը Երեւանի եւ մարզերի բոլոր թանգարանների մուտքը այցելուների համար ազատ կլինի: Ըստ «Նոյյան տապանի», Հայաստանում ներկայումս գործում են 110 ...ՄԵԾԱՆՈՒՆ ՀԱՅ ՄԱԹԵՄԱՏԻԿՈՍԸ
Ռ. ՄԱՐՏԻՐՈՍՅԱՆ, ՀՀ ԳԱԱ նախագահ, ակադեմիկոսՆ. ԱՌԱՔԵԼՅԱՆ, ՀՀ ԳԱԱ մաթեմատիկական եւ տեխնիկական գիտությունների բաժանմունքի ակադեմիկոս քարտուղաԼրացավ նշանավոր հայ մաթեմատիկոս, գիտության եւ կրթության ականավոր գործիչ եւ կազմակերպիչ Սերգեյ Նիկիտի Մերգելյանի ծննդյան ը: Նա ծնվել է 1928 թ. մայիսի 19-ին Սիմֆերոպոլում: 1941-ին Մերգելյանի ընտանիքը մշտական ...ՄԵՐ ԵՐԿՐՈՒՄ ԱՐՅԱՆ ԴՈՆՈՐՆԵՐԻ ՄԵՋ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒՄ ԵՆ ՄԵԾԱՄԱՍՆՈՒԹՅՈՒՆ ԿԱԶՄԵԼ ՀԻՎԱՆԴՆԵՐԻ ՀԱՐԱԶԱՏՆԵՐԸ
ԳՈՀԱՐ ԳԵՎՈՐԳՅԱՆՏարեկան մեր երկրում պաշարվում է շուրջ 15 000 պայմանական միավոր արյան բաղադրամաս, որի զգալի մասը պահվում է արյունաբանական կենտրոնի արյան բանկում, իսկ մնացածը` մարզերում: Անցած տարի արյուն հանձնելու համար ...ՎՐԱՑ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ՍԵՓԱԿԱՆԱՑՆՈՒՄ Է ՀԱՅԿԱԿԱՆ Ս. ՆՈՐԱՇԵՆԸ
Ա. ՀԱՐՈՒԹՅՈՒՆՅԱՆՎիրահայոց թեմն իր մտահոգությունն ու վրդովմունքն է հայտնել Թբիլիսիում գտնվող Ս. Նորաշեն հայկական եկեղեցու եւ դրան հարող տարածքի հանդեպ վրաց եկեղեցու հոգեւորական Թարիել Սիկինչելաշվիլու ոտնձգության կապակցությամբ: ...ՀԱՅ ՊԱՏԱՆԻՆԵՐԻՆ ԼՈՒՐՋ ՓՈՐՁՈՒԹՅՈՒՆ Է ՍՊԱՍՈՒՄ
ԱՇՈՏ ՀԱՅՐԱՊԵՏՅԱՆՄայիսի 22-27-ը Հայաստանում կանցկացվի մինչեւ 19 տարեկանների ֆուտբոլի Եվրոպայի առաջնության ընտրական մրցաշարի էլիտար փուլը: Հայաստանի պատանեկան հավաքականն ընտրական 7-րդ խմբում ընդգրկված Իսպանիայի, Ուկրաինայի ...ԱՆՀԱՋՈՂՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐՆ ՈՒՂԵԿՑՈՒՄ ԵՆ ԱՐՈՆՅԱՆԻՆ
ԱՇՈՏ ՀԱՅՐԱՊԵՏՅԱՆՍոֆիայի շախմատի մրցաշարի 8-րդ տուրն էլ հաջողություն չբերեց Լեւոն Արոնյանին: Ավելին, Թեյմուր Ռաջաբովի հետ պարտիայում Արոնյանը սպիտակներով անհաջողության մատնվեց` 44-րդ քայլում ի նշան պարտության կանգնեցնելով ...ՄՆԱՑ ԵՐԿՈՒ ՏՈՒՐ
ԱՇՈՏ ՀԱՅՐԱՊԵՏՅԱՆԼյուքսեմբուրգի շախմատի մրցաշարի 7-րդ տուրում Տիգրան Քարամյանը ոչ-ոքի ավարտելով պարտիան Հենրիկ Դանիելսենի հետ, վաստակեց 5 միավոր: Իսկ Յուրի Հայրապետյանը սեւերով պարտության մատնեց Մուստաֆա Նեզարին: Նա ունի ...ԵԹԵ ԿԱԼԱՆԱՎՈՐՎԱԾՆԵՐՆ ԱԶԱՏ ԱՐՁԱԿՎԵՆ, ԸՆԴԴԻՄՈՒԹՅՈՒՆԸ ԴԱ ՉԻ ՀԱՄԱՐԻ ԻՇԽԱՆՈՒԹՅԱՆ ԹՈՒԼՈՒԹՅՈՒՆ
ԳՈՀԱՐ ԳԵՎՈՐԳՅԱՆ«Մենք կարծում ենք, որ պետք է կատարվեն ԵԽԽՎ պահանջները` պետք է ազատ արձակվեն քաղաքական նկատառումներով կալանավորված մեր ընկերները, փոփոխվի հանրահավաքների մասին օրենքը, միջազգային անկախ հետաքննություն անցկացվի` ...ԿԱՇԱՌԱԿԵՐ ԴԱՍԱԽՈՍԸ ՁԵՐԲԱԿԱԼՎԵԼ Է
ԱԱԾ մարմինները երեկ բացահայտել են բուհական համակարգում կաշառակերության դեպք: Ինչպես տեղեկացրին ԱԱԾ մամուլի կենտրոնից՝ ահազանգ էր ստացվել, որ ԵՊՀ ռոմանագերմանական ֆակուլտետի արտասահմանյան գրականություն ...ՀԱՅԱՑՔ ԴԵՊԻ ՆԱՏՕ. PRO, ET CONTRA
ԱԼԵՆ ՂԵՎՈՆԴՅԱՆ, Քաղաքագիտության թեկնածու«Ոչ ոք չգիտե, թե Խորհրդային Ռուսաստանը եւ միջազգային կոմունիստական կազմակերպությունն ի՞նչ են մտադիր անել մոտ ապագայում, կամ ո՞րն է նրանց էքսպանսիայի սահմանագիծը... Բալթիկայից մինչեւ Ադրիատիկ ձգվում է ...ՆԱԽԱՀԱՎԵՐԺԻ ԾՆՈՒՆԴԸ
ԲՈՀԴԱՆ ԳԵՄԲԱՐՍԿԻ 1Տասնիններորդ դարի պատմագրությունը շրջանառության մեջ դրեց «Դասական արեւելք» հասկացությունը: Դա հստակ եզրագիծ ունեցող մի տարածք էր, որն ընդգրկում էր Արեւելյան Լեւանտի երկրները (այսինքն` Սիրիան եւ Պաղեստինը), ...ԿԱՊԻՏԱԼԻԶՄԻ ՇՆԱՁՈՒԿ ՌԱԴՈՆ
ԽԱՉԱՏՈՒՐ ԴԱԴԱՅԱՆՀոկտեմբերյանցի Ռադոն 11 տարեկան էր, երբ հայրն ամուսնալուծվեց. մնացին տատը, մայրը, հաշմանդամ ավագ եղբայրը, ինքը ու երեք կրտսեր քույրերը: Բազմանդամ ընտանիքը պահել էր պետք, եւ այս հոգսն ստանձնեց Ռադոն: Մի ...ԶՈՎԱՑՈՒՑԻՉ ԸՄՊԵԼԻՔԻՑ` ԱՐՏԱԴՐԱԿԱՆ ԿԱՅՍՐՈՒԹՅՈՒՆ
ԽԱՉԱՏՈՒՐ ԴԱԴԱՅԱՆ1993-ի ցուրտ ու խավարին, ի թիվս շատերի, Հայաստանից Ռուսաստան արտագաղթեց նաեւ Տիգրան Յաշայի Ներսիսյանը: Զբաղմունքի փնտրտուքներում ծանոթներից մեկից լսեց, որ մերձմոսկովյան Մոժայսկ քաղաքի կոլտնտեսությունում ...ԱՆՆԵՐԴԱՇՆԱԿՈՒԹԻՎՆՆԵՐ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԵՎ ՍՓՅՈՒՌՔԻ ՄԻՋԵՎ
ԱՐԵԳ ԵԱՓՈՒՃԵԱՆ 1Անցեալ տարի թուղթին յանձնեցի մտորումներ, ուր առարկեցի, թէ հայերս մեր բոլոր ճիգերը կեդրոնացուցած ենք Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման ուղղութեամբ եւ զայն անիրաւօրէն դարձուցած սակարկութեան առարկայ: Փոխարէնը՝ ...ՆԵՐԱԾՈՒԹՅՈՒՆ,
ԱՆԱՀԻՏ ԿՈՐՅՈՒՆն ծննդավայրս չէ` մանկությանս ու իմ առաջին սիրո քաղաքն է: ն ինձ համար Արամ պապս է ու Կորյուն հայրս, երկուսն էլ չկան, գնացել ձուլվել են այդ փոքրիկ քաղաքին ու դարձել նրա մի մասնիկը: չեմ գնում` առանց այդ ...ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԳԻՆԵԳՈՐԾՈՒԹՅԱՆ ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ ՆՇԱՆԱԿՈՒԹՅՈՒՆԸ
ՄԵԼԱՆՅԱ ԲԱԴԱԼՅԱՆՀայ մարդն այսօր գինի գործածում է սակավաքանակ, շատ ավելի մեծ տեղ նրա կենցաղում զբաղեցնում է օղին: Հայաստանում այսօր մեկ շնչին բաժին է հասնում 1 լ գինի, Եվրոպայում` 50 լ: Ըստ պաշտոնական վիճակագրության, ...ԹՈՒՐՔԱԿԱՆ ԾԱԳՈՒՄ ՈՒՆԵՑՈՂ ԱՄԵՐԻԿԱՑԻՆԵՐԸ ՄՏԱԴԻՐ ԵՆ ԱՄՐԱՊՆԴԵԼ ԻՐԵՆՑ ԱԶԴԵՑՈՒԹՅՈՒՆԸ ՎԱՇԻՆԳՏՈՆՈՒՄ
«Յուրեժիանեթ.օրգ» , 25 ապրիլի 2008 թ., Աղբյուրը` (Eurasianet.org) Ջոշուա Կուչերա (Joshua Kucera)Ամերիկայի թուրքական կազմակերպությունները մտադիր են ընդլայնել իրենց քաղաքական ազդեցությունը Միացյալ Նահանգներում՝ ակնհայտորեն ձգտելով հակադրվել ԱՄՆ կոնգրեսի վրա իրենց հակառակորդների՝ ամերիկահայերի խմբերի ...ԴՐՎԱԳՆԵՐ ԶՈՐԱՎԱՐ ԱՆԴՐԱՆԻԿԻ ԿԱՄԱՎՈՐԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԻ ԲԺՇԿԱՍԱՆԻՏԱՐԱԿԱՆ ԽՄԲԻ ԳՈՐԾՈՒՆԵՈՒԹՅԱՆ
ՀԱՐՈՒԹՅՈՒՆ ՄԻՆԱՍՅԱՆ, ՀոգեբույժՀայտնի է, որ գեներալ Անդրանիկը քաջ զորավար լինելուց եւ փայլուն ռազմական գիտելիքների տիրապետելուց բացի, ունեցել է նաեւ հարուստ բժշկական գիտելիքներ: Նրան հայտնի են եղել բանակը ամբողջությամբ եւ առանձին զինվորներին ...
ԱՐԱ ԱԲՐԱՀԱՄՅԱՆՆ ԻՐ ՆԵՐԴՐՈՒՄՆԵՐՆ ԱՎԵԼԱՑՆՈՒՄ Է ԵՎՍ 150 ՄԼՆ ԴՈԼԱՐՈՎ
«ՀԱՅԿԱԶԵԱՆ ՀԱՅԱԳԻՏԱԿԱՆ ՀԱՆԴԷՍԻ» 28-ՐԴ ՀԱՏՈՐԸ
Հ. Ծ.ՎԱՀԱՆ ՏԵՐՅԱՆԻ «ՄԹՆՇԱՂԻ ԱՆՈՒՐՋՆԵՐԸ» ԺՈՂՈՎԱԾՈՒՆ 100 ՏԱՐԵԿԱՆ Է
Ա. ՀԱՐՈՒԹՅՈՒՆՅԱՆ, Գանձա-ԵրեւանՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԵՎ ԱՐՑԱԽԻ ԱՐՏԱՔԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՇԱՀԸ ՆՈՒՅՆՆ Է
ԿԻՄ ԳԱԲՐԻԵԼՅԱՆ, ՍտեփանակերտՀԱՎԱՍՏԱԳՐԵՐ ՈՒ ՀՈՒՇԱՆՎԵՐՆԵՐ ՀԱՅ ՕԼԻՄՊԻԱԿԱՆՆԵՐԻՆ
ԱՇՈՏ ՀԱՅՐԱՊԵՏՅԱՆ
«ՏՆԱՅԻՆ ԿԱԼԱՆՔԻ ԱՌԱՍՊԵԼԸ ՎԱԽԿՈՏ ՄԱՐԴՈՒ ԱՐԴԱՐԱՑՈՒՄ Է»

«ՄԱՍՈՆԱԿԱՆ ՕԹՅԱԿՆԵՐԸ ԾԱՌԱՅՈՒՄ ԵՆ ԻՍՐԱՅԵԼԻՆ»
ՀԱԿՈԲ ՉԱՔՐՅԱՆ
ՄԱԿ-ՈՒՄ ՎՐԱՑԱԿԱՆ ԲԱՆԱՁԵՎԻՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ ԴԵՄ Է ՔՎԵԱՐԿԵԼ
ԱՂԱՎՆԻ ՀԱՐՈՒԹՅՈՒՆՅԱՆ
ԽԱՂԱՏՆԱՅԻՆ ԿՐՔԵՐ ՀԱՅԱՍՏԱՆՈՒՄ
ՌՈՒԲԵՆ ՀԱՅՐԱՊԵՏՅԱՆ, Մոսկվա
ՄԵԿ ՏԱՐԻ ԱՆՑ՝ ՉԲԱՑԱՀԱՅՏՎԱԾ
Գ. Գ.
ՏԽՐՈՒԹՅՈՒՆ «ՓԱՐԻԶՅԱՆ ՍՐՃԱՐԱՆՈՒՄ»
ՎԱԼԵՐԻ ԳՈՐԾՈՒՆՅԱՆ, լրացուցիչ տեղեկությունների համար ենք զանգահարել 010 522 648
«ԵՍ ԴԻՄԱՎՈՐՈՒՄ ԵՄ ԱՅՍ ՏՈՆԸ ԽԱՌԸ ԶԳԱՑՈՒՄՆԵՐՈՎ»
ՆԱԻՐԻ ՄՈՒՐԱԴՅԱՆ
ՔԱՂՑԿԵՂԸ ՀՆԱՐԱՎՈՐ Է ԲՈՒԺԵԼ
ԳՈՀԱՐ ԳԵՎՈՐԳՅԱՆ
ԿՀԱՄԱՁԱՅՆԵ՞Ն «ԱՐՄԵՆՏԵԼՆ» ՈՒ ԻՆՏԵՐՆԵՏ ՊՐՈՎԱՅԴԵՐՆԵՐԸ
Ա. Մ.
ԸՆԴԴԻՄՈՒԹՅՈՒՆԸ ՀԱՂԹԱՆԱԿԻ ԶԲՈՍԱՅԳՈՒՄ

- 1827 Հայկական կամավորական առաջին գումարտակը Թիֆլիսից մեկնում է մարտադաշտ:
- 1851 Գրիգոր Օտյանը Սկյուտարում հիմնեց «Բաժանորդական ընկերություն»: «Արշալույս Արարատյան» ամսաթերթի հավելվածում նա ժողովրդին կոչ էր անում հիմնել գիշերօթիկ վարժարան, որտեղ աղքատ մանուկները ձրի կդաստիարակվեն:
- 1871 Սիսիանի շրջանի Բռնակոթ գյուղում ծնվեց նշանավոր հայագետ Նիկողայոս Ադոնցը: (Վախճ. 1943թ.-ին):
- 1978 Վախճանվեց մեծ մարդասեր Արմին Վեգները: Որպես գերմանացի զինվոր Մերձավոր Արևելքում` նա գաղտնի լուսանկարել է 1915 թ. Թուրքիայի կողմից իրականացվող հայկական ցեղասպանության վայրագ տեսարաններ: Արմին Վեգները ապարդյուն փորձում էր կառավարությանը զգուշացնել հնարավոր հետագա ցեղասպանությունների մասին: (Ծնվ.1886թ.-ին):
ԼՈՒՐԵՐ ՀԱՅԱՍՏԱՆ
ՕՆԼԱՅՆ ԼՈՒՐԵՐ
ԻՆՖՈՐՄԱՑԻԱ
ԻՄ ԱՐՄԹԱՈՒՆ

Ինչպե՞ս թողնել ծխելը
Ինչպե՞ս գրել Հայերեն Windows XP միջավայրում

