
ՄՏՈՐՈՒՄՆԵՐ ՄԵԼԳՈՆԵԱՆ ԲԱՐԵՐԱՐՆԵՐՈՒ ՕՐՈՒԱՆ ԱՌԻԹՈՎ
Սբ. Յովհաննես Կարապետի տօնին առիթով, մելգոնեանցիներ, ի սփիւռս աշխարհի, սրբազան աւանդութեամբ մը, կը խոնարհին իրենց պաշտելի բարերարներուն՝ Գրիգոր ու Կարապետ Մելգոնեան եղբայրներու յիշատակին առջեւ ու կ՛ուխտեն հաւատարիմ մնալ անոնց ոգիին ու գործին:
Այս տարի եւս, աւանդական հոգեհանգստեան արարողութիւն տեղի ունեցաւ Նիկոսիոյ Սբ. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, ուր տէր Մոմիկ քահանայ Հապէշեան յաւուր պատշաճի մի քանի խօսքով վեր առաւ գործը ազգային մեծ բարերարներուն: Սովորութիւն էր անցեալին, որ Մելգոնեանի աւարտական դասարանի սան-սանուհիները հաղորդութիւն առնէին ու վերանորոգէին իրենց ուխտը Մելգոնեանի ոգիին: «Բանակը ճաշակ կ՛առնէ այս գիշեր» ըսեր էր մելգոնեանցի ընկերուհի մը մի քանի տարիներ առաջ, մէջբերելով Թէքէեանի ծանօթ տողը: Հիմա... չկան աշակերտները ու չկայ այդ աւանդութիւնը:
Հոգեհանգիստէն ետք, «Այլաճայի կիմնազիոն» ցուցատախտակին առջեւէն անցնելով կ՛ուղղուինք Մելգոնեանի հողատարածք, դէպի Բարերարներու դամբարանը, ծաղկեփունջերով: Բաւական մեծ թիւ մը մելգոնեանցիներու ու բարեկամներու եկած է հոն՝ հաւաքաբար խոնարհելու զոյգ եղբայրներու յիշատակին առջեւ:
Անձի մը յիշողութեան կորուստը՝ մահ կը նշանակէ: Կը մխիթարուիմ, որ անտարբերութեան մեր օրերուն՝ տակաւին մեր հաւաքական յիշողութիւնը չէ կորսուած բոլորովին:
Լուռ է ամէն կողմ: Զոյգ շէնքերը Մելգոնեանի՝ մեծակառոյց ու վեհաշուք, անշշունջ կը նային իրենց հիմնադիրներու արձաններուն: Ոչ հայ աղջիկներու ու տղոց եռուզեռը, ոչ անոնց ուրախ կամ տխուր բացագանչութիւնն ու պռոչտուքը, ոչ ալ մայրենի անոյշ լեզուով ճվլտոցը կայ հիմա:
Խոնաւցած են շատերու աչքերը: Անսահմանօրէն տխուր ու ցաւած ըլլալու են նաեւ հոգիները բարերարներուն:
Մելգոնեանի վաստակաշատ ուսուցիչ պրն Սեպուհ Աբգարեանի առաջնորդութեամբ կ՛աշխատինք երգել Տէրունական աղօթքը, ի Վերին Երուսաղէմը եւ... Մելգոնեանի քայլերգը: Պրն. Աբգարեան կը փղձկի... «Փառք ու պատի՜ւ յաւիտեան, Լուսոյ անշէջ վառարան՝ Կրթարանին Մելգոնեան՝ Փառք ու պատի՜ւ յաւիտեան...»
Կը հեռանանք դամբանէն ծանր տրամադրութեամբ: Մի քանի հոգի կը հետեւինք պրն Աբգարեանին, որ կ՛ուղղուի դէպի ետեւի շրջաբակին արձանները: Արձաններէն ոմանք սրբապղծուած են ու փորձեր եղած՝ զանոնք մաքրելու:
Մովսէս Խորենացիի աչքերուն մէջ բիբեր շինուած են՝ սեւով ներկուած: Կոմիտասի ձախ ականջին մէջ վարդագոյն ձիւթ մնացած է, իսկ բերանին վրայ՝ ճերմակ ներկ: Զորավար Անդրանիկին աջ ականջը կարմիր ներկուած է, իսկ Թէքէեանի աջ ականջը՝ կապոյտ: Փորձեր եղած են ներկերը մաքրելու:
Գեղագէտի բծախնդրութեամբ ու հարազատ մելգոնեանցիի զգացումով ու գուրգուրանքով, պրն Աբգարեան կ՛աշխատի մաքրել ներկերն ու ձիւթը եւ դիտել կու տայ, որ նախապէս եղած սրբագրումի փորձերուն հետեւանքով Անդրանիկի եւ Թէքէեանի արձանները կորսնցուցած են իրենց համաչափութիւնը:
Ճմլուած է սիրտս: Շշմած ու անզգայացած եմ: Այլանճայի կիմնազիոնի աշակերտները ազատօրէն խաղացած են, ըստ կամս, այս արձաններուն հետ: Շա՞տ զգացական եմ: Կարելի է մտածել, թէ արձաններու սրբապղծումը պարզապէս աշակերտական չարաճճիութիւն է: Թէ՝ Մելգոնեանը փոխ տրուած է Այլանճայի կիմնազիոնին միայն մի քանի տարուան համար...
Վերջը՞.. վերջը՞ սակայն...
Ի՞նչ պիտի ըլլայ այս հողատարածքը: Որո՞ւն կամ ո՞ր օտարներուն ձեռքը պիտի անցնի ան: Բայց հողատարածք չէ՛ ասիկա, սովորական դաշտ կամ արտ... այլ սրբավայր... նշխա՛ր մը մեր պատմութենէն ու վկայութիւնը մեր պատմութեան:
Հո՛ս անցուցած է մաս մը իր կեանքէն բարերար Կարապետ աղա Մելգոնեան, որ մինակ մնացած շատ հայ որբերու համար եղած է «միակ հայրիկը», զոր երբեւիցէ ճանչցած են (Թ. Տէվլեթեան, Ողջոյն, Կեանք, 2007, էջ 298):
Հո՛ս, Լիմասոլի ճամբուն վրայ կը գտնուի հայ որբերուն որբ ձեռքերով տնկուած պուրակը: Հիմա, Մելգոնեանի փակումէն ի վեր, ամէն անգամ, որ անցնիմ այս տեղէն, չեմ կրնար չշշնջել... «Մեռելներուս որպէս խաչ ես այս ծառը տնկեցի...»
Հո՛ս մարմին առած է մեր ամէնէն վեհօրէն նպատակասլաց բարերարութիւններէն մէկը, Մելգոնեան կրթական հաստատութիւնը՝ մեր ցեղասպանութեան ազնուագոյն վրէժը:
«Իմ դպրոցը պէտք է մեր վրէժը լուծէ... այդ որբ ձագուկներէն պէտք է պատրաստենք մեր նոր մեծերը» («Յուշարար», 15 մայիս, 1982, էջ 5):
Թուրքը հայութիւնը բնաջնջելու իր մտածուած ծրագիրը սկսեր էր մեր մտաւորականներուն, մեր բառ ու բանի նուիրեալներուն ոչնչացումով: 1911 հոկտեմբերին իսկ, երիտթուրքերու մէկ գաղտնի ժողովին որոշում կայացեր էր, թէ կայսրութեան փոքրամասնութիւնները կրնային «պահել իրենց կրօնքը, բայց ոչ իրենց լեզուն» (Վահագն Տատրեան, Warrant For Genocide, 1999, էջ 96): Ուրեմն, ժողովուրդ մը ոչնչացնելու ու չքացնելու հզօրագոյն միջոցը զայն զրկել էր մայրենի լեզուէն: Ցեղին բնազդական իմաստութեամբ ու հեռատեսութեամբ՝ բարերար Մելգոնեան ու իր խորհրդատուները եզրակացուցեր էին, թէ գոյատեւումի ու վերապրումի հզօրագոյն երաշխիքը պիտի ըլլար, ուրեմն, հա՛յ դպրոցի մէջ պատրաստել նոր սերունդ մը, որ ըլլար տէրը մեր լեզուին ու մշակոյթին: Եթէ թշնամին փորձեր էր հայութիւնը զրկել իր մարդոյժէն, իրենց դպրոցն ալ պիտի փորձէր հայութիւնը յաւերժացնել հայ մարդոյժ պատրաստելով հայ դպրոցին մէջ:
Հո՛ս, այս հողատարածքին վրայ իրագործուած է մեր ժամանակի մեծագոյն բարերարութիւններէն մէկը, շուրջ 600,000 անգլ. հնչուն ոսկիի իշխանական նուիրատուութիւն մը, որուն շնորհիւ «Մելգոնեանը պիտի կարենար շարունակել իր գոյութիւնը անարգել»: Արդարեւ, այդ շրջանին պետական միջոցներ ունեցողներ իսկ նման գումար չէին տրամադրեր այդպիսի կրթական հաստատութիւններու (Թ. Տեվլեթեան, «Ողջոյն, կեանք», 2007, էջ 298, 299) եւ Բարերարին բացայայտ փափաքն էր, որ իր դպրոցը տեւէր «դարէ դար»:
Անգին գրութեան մը մէջ, «Յիշատակարան Մելգոնեան կրթական հաստատութիւններու անդրանիկ հիմնարկութեան», ստորագրուած Աղեքսանդրիա, 1924 յունուար 29-ին, Բարերարը ըսած է.
«Կը փափաքիմ, որ Մելգոնեան կրթական այս հաստատութիւնները տեւեն դարէ դար, եւ ըլլան լուսաւորութեան վառարաններ, տալու համար հայ ազգին, հայ հայրենիքին եւ մարդկութեան օգտակար եւ պարկեշտ նկարագրով անդամներ»:
Այս տեսիլքով է, որ Մելգոնեան կրթական հաստատութիւնը ծնունդ առաւ հո՛ս հայութեան համար, հա՛յ ազգին զաւակներուն համար, տեւելու՝ «դարէ դար»: Քայլերգին բառերը պերճախօս են: Մելգոնեանը պիտի ըլլար անմահ լուսոյ տաճար, լուսոյ անշէջ վառարան ու պիտի ունենար փառք ու պատիւ յաւիտեան:
Արդարեւ, Մելգոնեանը եղաւ լուսոյ տաճար: Հո՛ս, գերազանցապէս հայաշունչ այս սրբավայրին մէջ ապրած, քալած, շնչած ու դասախօսած են մեր մշակոյթի ամէնէն մեծերէն՝ Օշական, Թէքէեան, անմահ Կոմիտասի տաղանդաշատ աշակերտ Կանաչեան եւ այլ նուիրեալներ... Եւ այս տաճարին մէջ ելոյթ ունեցած են Գարեգին կաթողիկոս Յովսէփեան, Արշակ Չօպանեան, Սիլվա Կապուտիկեան, Վահագն Դաւթեան, Վահագն Տատրեան, Գոհար Գասպարեան, Լուսինէ Զաքարեան եւ ուրիշներ:
Հիմա, ի՞նչ պիտի ըլլայ ճակատագիրը այս սրբավայրին: Որո՞նց պիտի յանձնուի այս մասունքը, որ եղաւ տուն մեր որբերուն, տաճար լոյսի ու խորհրդանիշ-կոթող՝ ամրակուռ տոկունութեանը դարերէն որդեգրուած մեր ժողովուրդին, որ կրցաւ հո՛ս, բարձրագոռ հնչեցնել հայ երգն ու հայ լեզուն՝ յաղթական:
Անվարան կարելի է ըսել, թէ տասնամեակներ շարունակ Մելգոնեանը պատիւով կատարեց իր ազգանուէր առաքելութիւնը՝ մարդոյժ հայթայթելով հայութեան, մասնաւորաբար արտերկրին: Միայն պզտիկ Կիպրոսի պարագային՝ որքան կրթական մշակներ տուաւ ան մեր հայկական վարժարաններուն: Տուաւ հայ թերթի խմբագիր, բանաստեղծ-մտաւորական, գրող երաժիշտ-խմբավար ու մեր հայ նկարիչներուն ջախջախիչ մեծամասնութիւնը: Ազատ ասպարէզներու մէջ՝ Ամերիկեան NASA (National Aeronautical Space Administration) հրթիռ պատրաստող Draper ընկերութեան պատասխանատուներէն մէկը մելգոնեանցի է (Նազարէթ Պետրոսեան), Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան ընդհանուր փոխքարտուղարը, Կիպրոսի միակ ֆինանսական թերթին երկու խմբագիրները, Dale Carnegie դասընթացներուն Կիպրոսի եւ Միջին Արեւելքի պատասխանատուն եւ տակաւին շատ ուրիշներ եղած են ու են՝ մելգոնեանցիներ:
Բայց ինչո՞ւ փակուեցաւ Մելգոնեանը: Աշակերտներու թիւի, որակի կամ պիւտճէի պատճառաբանութիւնները համոզիչ չեն թուած երբե՛ք: Ոչ ոք տակաւին հասկցած է, թէ հիմնական ի՞նչ պատճառներով գոցուեցաւ լոյսի այս տաճարը: Ու տեւապէս կը հարցուի՝ եթէ թերութիւններ կային կամ սխալներ գործուեցան, ինչո՞ւ ժամանակին չսրբագրուեցան անոնք: Անհրաժեշտ առաջնորդութիւնը ինչո՞ւ չտրուեցաւ:
Հայաստանի ամէնէն հեղինակաւոր թերթերէն մէկուն՝ «Ազգ»-ի աշխատակից Կարինէ Դանիէլեանի 2007 ապրիլին գրած յօդուածին նիւթը Մելգոնեանն է: Համաձայն այս գրութեան, անոնք, որոնց մերձաւորներէն ոեւէ մէկուն բախտ վիճակուեր է ուսանիլ այս կրթարանին մէջ, միայն երախտագիտութեամբ ու ծայր աստիճանի ափսոսանքով կու տան անոր անունը, թէ ինչո՞ւ փակուեցաւ համբաւաւոր վարժարանը: Հ. Բ. Ը. Մ.-ի Կեդրոնական վարչական ժողովի անդամ Գարոլին Ասլանեանի եւ կրթական տնօրէն Արթուն Համալեանի հետ իր տեսակցութիւնները հիմ ընդունելով, յօդուածագիրը կ՛անդրադառնայ Երեւանի Նոր Նորք շրջանին մէջ ձեռք ձգուած հողամասին վրայ զետեղուելիք համալիրին՝ որպէս արդարացում Կիպրոսի Մելգոնեանի փակման: Գ. Ասլանեան փակումին իբրեւ պատճառ յիշած է այն հանգամանքը, թէ «Հ. Բ. Ը. Մ.-ի կատարած ծախսերը չեն արդարացուել ո՛չ ուսման արդիւնաւէտութեամբ, ո՛չ աշակերտների քանակով»: Իսկ Արթուն Համալեանի բացատրութեամբ նոր համալիրը պիտի ըլլայ սփիւռքի ուսանողներուն համար, որոնք բարձրագոյն մակարդակով «1 կամ 2 դասանիւթի» հետեւելով պիտի կարենան Հայաստանի համապատասխան համալսարաններուն մէջ ուսանիլ: «Մեր նպատակն է ստեղծել մի համալիր, ուր կու գան բազմաթիւ ուսանողներ սփիւռքից» եւ շփում կ՛ունենան հայրենիքի եւ սփիւռքի տարբեր շրջաններու ուսանողներուն հետ:
Հետաքրքրական է յօդուածագիրին եզրակացութիւնը. թէ՝ շփումի իրողութիւնը նոյնն էր Կիպրոսի Մելգոնեանի մէջ եւ թէ բնաւ ալ «պէտք չէ հին հեծանիւը ջարդել», նմանը շինելու համար, թէ՝ Հայաստանի մէջ արդէն կան շուրջ 1400 դպրոցներ եւ թէ Բարեգործականը կրնար ասոնցմէ մէկը կամ միւսը «որդեգրել» («Ազգ», 7 Ապրիլ, 2007):
Դիպուկ յօդուած մը արդարեւ, որուն տուեալները, սակայն, շատ ճիշդ չեն: Հայաստանի մէջ բացուելիք համալիրը չի կրնար համարժէք դառնալ Մելգոնեանին: Բայց կայ նաեւ ուրիշ հիմնական պարագայ մը:
1915-ին արեւմտահայութիւնն է, որ հայրենազրկուեցաւ, հետեւաբար սփի՛ւռքն է, բարոյապէս, ժառանգորդը Արեւմտահայաստանին եւ սփիւ՛ռքն է, որ առաւելաբար տէր պէտք է կանգնի եղերաբար ինկած մեր նահատակներու լեզուին, մշակոյթին եւ ազգային իտէալներուն:
Իսկ արեւմտահայերէնը հարստութիւն մըն է, որ պէտք չէ անտեսուի կամ լքուի: Յանձնառու բանաստեղծ մտաւորական Սիլվա Կապուտիկեան «անփոխարինելի գանձարան» կը նկատէ գրաբարը ու կ՛աւելցնէ թէ «ոչ պակաս հարստութիւն է նաեւ արեւմտահայերէնը» («Լեզուն մեր հոգեւոր հարստութիւնն է», «Ծաղիկ», 25 հոկտեմբեր, 2007, էջ 6):
Ո՞վ պիտի պահպանէ արեւմտահայերէնը եթէ ոչ մեր սփիւռքահայ երկրորդական վարժարաններուն մէջ պատրաստուած սերունդը:
Եւրոպայի Խորհուրդի նախարարներուն յանձնախումբն ալ 27 սեպտեմբեր 2006-ին որդեգրեց շրջանային կամ փոքրամասնական լեզուներու եւրոպական հիմնաթուղթին (European Charter) գործադրութեան որոշումը Կիպրոսի մէջ եւ յատկապէս յանձնարարեց «միջոցներ ձեռք առնել ապահովելու հայերէն լեզուով եւ հայերէնի ուսուցումը երկրորդական ուսման մակարդակով»:
Յստակ է, որ մարդկային իրաւունքներուն մտահոգութեամբ այս յանձնարարութիւնն ալ անհրաժեշտ կը դարձնէ Մելգոնեանի դերակատարումը Կիպրոսի մէջ, եթէ հայերէնը պիտի չվտանգուի Կղզիին մէջ մասնաւորաբար, եւ Եւրոպայի ու Միջին Արեւելքի մէջ՝ ընդհանրապէս:
Բայց կայ նաեւ շատ լուրջ ուրիշ պատճառ մը, որ Մելգոնեանը մնայ Կիպրոսի մէջ: Ամէն տեղ ալ մայրենի լեզուները նահանջ կ՛արձանագրին համաշխարհայնացումի համահարթեցնող մամլիչին ներքեւ: Ու թէեւ բացայայտ անտարբերութիւն կայ նաեւ սփիւռքի մեր մայրենի լեզուին նկատմամբ, շատ մտաւորականներու կարծիքն է, որ մեր հայրենիքին մէջ հայերէնի նահանջը հասած է լուրջ համեմատութիւններու ներկայիս, թէ՝ հայ լեզուն վերածուած է «...նոր բաբելոնականութեան մը, բարբառայինի եւ ռուսականի կողքին, արեւմտեան բառապաշարի ներխուժումով» (Պ. Աղպաշեան, «2007-ը՝ Հայ լեզուի տարի», «Հասկ», նոյեմբեր 2007, էջ 934):
Կիպրոսի մէջ վերակազմակերպուած Մելգոնեանը կրնայ եւ կրցեր է լրացնել հայութեան մարդոյժի պակասը: Որքա՜ն պէտք ունինք հայ ուսուցիչներու, խմբագիրներու, ազգային գործիչներու, որոնք լեցուած ըլլան մեր լեզուին ու մշակոյթին սիրով, իմացութեամբ ու պաշտամունքով: Նաեւ ըլլան լաւատեղեակ՝ տեղական լեզուներուն ու պայմաններուն: Մելգոնեան Բարերարներու հոգիները պիտի չխայտայի՞ն, եթէ այս օրերուն հայ պատանիները գային հոս՝ Մելգոնեան, դժուարութեանց մէջ տւայտող Միջին Արեւելքի երկիրներէն ու մանաւանդ Իրաքէն: Օտար բանակներու ներխուժումէն ի վեր այդ երկրէն շուրջ 3000 հայեր արտագաղթած են: Եղած են նաեւ տասնեակներով մահեր ու գերի բռնուողներ (Center for Armenian Information & Advice, Armenian Voice, London, թիւ 52, էջ 6):
Սփիւռքը որեւէ ատենէ աւելի այսօր պէտք ունի Մելգոնեանին: Այնքան տկարացած է մեր հետաքրքրութիւնը մեր լեզուին, մշակոյթին ու մեր ազգային արժէքներուն նկատմամբ եւ այնքան աղօտած ու խաթարուած՝ մեր ինքնութիւնը, որ եթէ որեւէ միութիւն կամ ոեւէ ղեկավար պիտի մեծապէս գնահատէ հայօրէն ապրող հայ մարդոյժ պատրաստելու առաքելութիւնը, իրագործած պիտի ըլլայ մեծագոյն բարերարութիւնը մեր ժողովուրդին համար: Մենք պէտք ունինք այսօր ոչ թէ մէկ Մելգոնեանի, այլ Մելգոնեանի նման մի քանի գիշերօթիկ երկրորդական վարժարաններու՝ հայեցի համապարփակ կրթութեան մը համար: Որովհետեւ, երկրորդական վարժարանի տարիներուն է, որ պատանին կը կազմաւորուի ֆիզիքապէս, միտքով ու հոգիովը հո՛ս, երկրորդական վարժարանին մէջ է, որ պիտի ալեկոծուի ան, որ հոգին ընթերցումովը Րաֆֆիի վէպերուն, պիտի զմայլի Միսաք Մեծարենցի աննման բարութեան, պիտի վերանայ Թէքէեանի «Աղօթք վաղուան սեմին առջեւ» համամարդկային ոգիով գրուած քերթուածով ու փոթորկի Չարենցի մրրկաշունչ տողերով: Հո՛ս, երկրորդական վարժարանին մէջ է, որ պատանին պիտի ունենայ մեր տոհմիկ արժէքներէն այնպիսի անջնջելի զգացողութիւններ ու տպաւորութիւններ, որոնք պիտի ընկերանան իրեն՝ կեանքի ամբողջ տեւողութեան: Ո՛չ նախակրթարանը, ո՛չ համալսարանը եւ ոչ ալ հետազօտական կեդրոնը կուգան երբեւիցէ փոխարինել հայաշունչ, հայրենաշունչ ու իր մշակութային գործունէութիւններով եռուն հայ տոհմիկ երկրորդական վարժարանի վաղուան հայ ուսուցիչը, որ իր կարգին կարենայ յետագային հայ արժէքներով բոցավառել հայ պատանիին սիրտն ու միտքը:
Մելգոնեան Բարերարներու օրուան առիթով աղօթքի ջերմեռանդութեամբ կը մաղթեմ, որ Կիպրոսի մէջ վերաբացուի Մելգոնեանը վերակազմակերպուած՝ գալիք սերունդներու հայ աղջիկներուն ու հայ տղոց համար: Մինչ այդ չեմ կրնար չշշնջել՝ «Մեռելներուս որպէս խաչ՝ Ես այս ծառը տնկեցի...» Լիմասոլ, Կիպրոս
- ԱԳԱՊԻ ՆԱՍԻՊԵԱՆ-ԷՔՄԵՔՃԵԱՆ, Պատմաբան-աղբյուրագետ, ՄԿՀ նախկին տնօրեն
ԴՐՈՇ ԱՅՐԵԼԸ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԱԿՑԻԱ Է, ԵԹԵ ԴԱ ԿԱՏԱՐՎՈՒՄ Է ՏՎՅԱԼ ԵՐԿՐԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑՉԻ ԿԱՄ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑՉՈՒԹՅԱՆ ԱՌՋԵՎ
ՀԱԿՈԲ ՉԱՔՐՅԱՆ 46Ինչպես ՀՀ նախագահի պաշտոնում Սերժ Սարգսյանի ընտրությանը, այնպես էլ վարչապետ Տիգրան Սարգսյանի գլխավորությամբ նոր կառավարության կազմավորմանն ու արտգործնախարարի պաշտոնում Էդվարդ Նալբանդյանի նշանակմանը միանգամայն ...«ԱՆՑՅԱԼԻՆ ՈՒՂՂՎԱԾ ՀՍՏԱԿ ՀԱՅԱՑՔԸ ՆԵՐԿԱՆ ԸՄԲՌՆԵԼՈՒ, ԱՊԱԳԱՆ ԿԱՌՈՒՑԵԼՈՒ ՆԱԽԱՊԱՅՄԱՆ Է»
ԱՆԱՀԻՏ ՀՈՎՍԵՓՅԱՆ, ԳերմանիաԻնչպես ամեն տարի, 2008-ին էլ Հայոց ցեղասպանության տարելիցի միջոցառումներ անցկացվեցին Գերմանիայի Դաշնային Հանրապետության զանազան քաղաքներում՝ Համբուրգում, Պոտսդամում, Քյոլնում, Մայնի Ֆրանկֆուրտում, Շտուտգարդում, ...ՄԵԾ ԵՂԵՌՆԻ ՀՈՒՇԱՐՁԱՆ ԿԻՊՐՈՍՈՒՄ
Հ. Չ.Մայիսի 1-ին, վկայակոչելով կիպրական «Ֆիլիեֆտերոս» թերթը, այդ մասին տեղեկացրել է թուրքական մամուլը: Տեղեկության համաձայն, Մեծ եղեռնի հուշարձանը կկանգնեցվի Լառնակա քաղաքում, բացումը կկատարվի հունիսին: Հուշարձանի ...ԹՈՒՐՔԻԱՆ ԿԱՌՈՒՑՈՒՄ Է ՀԵՌԱՀԱՐ ՀՐԹԻՌՆԵՐԻ ՊԱՇՏՊԱՆԱԿԱՆ ՑԱՆՑ
Հ. Ծ.«Ազգ»-ը գրել էր արդեն, որ Թուրքիան պատրաստվում է մինչեւ 2010 թվականը կառուցել իր սեփական հեռահար հրթիռների պաշտպանական ցանցը, օգտագործելով ռուսական S-300 օդային պաշտպանության համակարգերը որպես գլխավոր ...ԱԴՐԲԵՋԱՆԸ ՄՇԱԿՈՒՄ Է ՊԱՐԵՆԱՅԻՆ ԱՊԱՀՈՎՄԱՆ ԾՐԱԳԻՐ
ԱՇՈՏ ՀԱՅՐԱՊԵՏՅԱՆԱդրբեջանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը կարգադրել է մշակել երկրի բնակչության պարենային ապահովման ծրագիր: Հրամանագրում նշվում է, որ հանրապետությանը «դեռեւս չի հաջողվել հասնել տեղական արտադրության հաշվին հիմնական ...ԼՐԱԳՐՈՂՆԵՐԻ ՀԱՄԱՐ ՎՏԱՆԳԱՎՈՐ ԵՐԿՐՆԵՐԸ
Աշխարհի 13 երկրում լրագրողների սպանությունները հիմնականում մնում են չբացահայտված: 1998 թվականից ի վեր ուսումնասիրություն է անցկացրել ու ըստ «անպատժելիության ինդեքսի» այդ երկրների ցանկը հրապարակել Lրագրողների ...Ի՞ՆՉ ԵՆ ԱՌԱՋԱՐԿՈՒՄ ԼԱՐԻՍԱ ԱԼԱՎԵՐԴՅԱՆՆ ՈՒ ԱՐՄԱՆ ՄԵԼԻՔՅԱՆԸ ԼՂՀ ՀԱՐՑՈՎ
ՆԱԻՐԻ ՄՈՒՐԱԴՅԱՆԽորհրդարանն ընդունեց ԼՂ խնդրի կարգավորման վերաբերյալ ԱԺ հայտարարությունը: Երեկ այդ հարցի շուրջը «Հայելի» ակումբում իրենց տեսակետները ներկայացրին «Ժառանգություն»-ից Լարիսա Ալավերդյանը եւ ԼՂՀ նախագահի նախկին ...ԹՈՄԱՍ ԴԵ ՎԱԱԼԻ «ՍԵՎ ԱՅԳԻ» ԳԻՐՔԸ
ՀՐԱՉՅԱ ՍԱՐԻԲԵԿՅԱՆԹոմաս դե Վաալը Ռուսաստանին եւ Կովկասին վերաբերող հարցերում մասնագիտացած գրող եւ լրագրող է: BBC-ում աշխատանքի անցնելուց առաջ ռուսերեն եւ հունարեն է սովորել Օքսֆորդի համալսարանում: Գիտական աստիճան է ստացել ...ՎԱՐՉԱՊԵՏԸ ՀԱՆԴԻՊԵԼ Է ՎԵՀԱՓԱՌԻՆ
2Վարչապետ Տիգրան Սարգսյանն այսօր կառավարությունում հանդիպում է ունեցել Ամենայն հայոց կաթողիկոս Գարեգին Երկրորդի հետ: Քննարկվել են եկեղեցաշինությանն առնչվող մի շարք հարցեր, որոնք վերաբերում են հասարակության ...ՏԵՐ-ՊԵՏՐՈՍՅԱՆԸ ԵՎՐՈՊԱՑԻՆԵՐԻ ՎՐԱ ԵՎՍ ԾԱՆՐ ՄԵՂՔԵՐ Է ԲԱՐԴՈՒՄ
ՄԱՐԻԵՏԱ ԽԱՉԱՏՐՅԱՆ 3Երեկ տեղի ունեցած իր կողմնակիցների կոնգրեսում Հայաստանի առաջին նախագահ Լեւոն Տեր-Պետրոսյանը մի քանի նոր շեշտադրում արեց, որոնք չէին հնչել մարտի 1-ից հետո տարբեր կայքերում տեղադրված նրա հարցազրույցներում: ...ԸՆԴԼԱՅՆԵԼ ՀԱՍԱՐԱԿՈՒԹՅԱՆ ՊԱՏԿԵՐԱՑՈՒՄՆԵՐԸ ՖԻՆԱՆՍԱԿԱՆ ԾԱՌԱՅՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐԻ ՄԱՍԻՆ
ԱՐԱ ՄԱՐՏԻՐՈՍՅԱՆԵրեւանում երեկ բացվեց «Ֆինանսներ, վարկեր, ապահովագրություն, եւ աուդիտ EXPO-2008» մասնագիտացված ցուցահանդեսը, որը կազմակերպել է «Լոգոս էքսպո կենտրոնը», Հայաստանի կենտրոնական բանկի, էկոնոմիկայի նախարարության, ...ՍՈՒՐԵՆ ՀԱՐՈՒԹՅՈՒՆՅԱՆ. Ի ՎԵՐՋՈ ՄԵՆՔ ՊԻՏԻ ԴԱՌՆԱ՞ՆՔ ԺԱՄԱՆԱԿԱԿԻՑ ՔԱՂԱՔԱԿԻՐԹ ՊԵՏՈՒԹՅՈՒՆ
ը վարեց ՌՈՒԲԵՆ ՀԱՅՐԱՊԵՏՅԱՆԸ 2Հայաստանում ստեղծված ներկայիս բարդ իրավիճակը եւ դրան նախորդած ողբերգական իրադարձությունները չեն կարող չհուզել ոչ մի հայի հայրենիքում թե սփյուռքում: Այսօր մենք զրուցում ենք մի մարդու հետ, որը եղել է մեր ...«ԵՍ ՄԻ ՄԱՐԴ ԵՄ, ՈՎ ՀԱՍԿԱՆՈՒՄ Է ԱՊՐԱԾ ՑԱՎԸ ԵՎ ԿՐՈՒՄ Է ԱՅԴ ԲԵՌԸ»
ը վարեց ԱԼԻՆ ՕԶԻՆՅԱՆԸ, 2006 թ. հոկտեմբերի, Ստամբուլ, «Ակոս» խմբագրատուն2006 թ. հոկտեմբերի կեսերն էր: Հրանտի հետ համաձայնության եկանք ու որոշեցինք հանդիպել «Ակօսի» գրասենյակում: Մոտավորապես 30 թուրք ակադեմիկոսների, լրագրողների, քաղաքագետների եւ մտավորականների հետ «Թուրքիայում ...ՓՈՐՁԱՐԱՐՈՒԹՅՈՒՆ` ԴԱՍԱԿԱՆԻ ՎԵՐԱԱՐԺԵՔԱՎՈՐՄԱՆ ԻՄԱՍՏՈՎ
ԱԼԻՍ ՀՈՎՀԱՆՆԻՍՅԱՆՆերկայիս մեր թատրոնը ավելի ու ավելի խիզախ փորձարարության կարիք ունի: Թեեւ փորձարարությունն այս բնագավառում շատ անգամներ է քայլ արել ու շատ անգամներ սայթաքել... Դավիթ Հակոբյանի ղեկավարած Պետական երաժշտական ...ԳԻԴԵԹ ԿԱՐԲՈՆԵԼ(1910-2008)
Ա. Բ.Կյանքի 98-րդ տարում վախճանվեց հայազգի ֆրանսիացի խեցեգործ-քանդակագործուհի Գիդեթ Կարբոնելը: Նա սերում էր արվեստագետ մի գերդաստանից, թոռն էր բժիշկ, հայ հանրային գործիչ Ավետիք Բաբայանի (1839-1913) եւ հայ ...ԿԱՌՈՒՑՄԱՆ ՈՒ ՔԱՆԴՄԱՆ, ՀՆԻ ՈՒ ՆՈՐԻ ՀԱՄԱՐԺԵՔՎՈՂ ՓԻԼԻՍՈՓԱՅՈՒԹՅԱՄԲ
ՄԵԼԱՆՅԱ ԲԱԴԱԼՅԱՆՄարսելի Սահակ-Մեսրոպ մշակութային կենտրոնի եւ ՀԲԸՄիության աջակցությամբ կենտրոնի սրահում այս տարվա մարտի 8-ին տեղի ունեցավ ճապոնացի լուսանկարիչ Թակուջի Շիմուրայի` Հայաստանի Ֆիոլետովո գյուղի մալական բնակչության ...ՄԱՄՈՒԼԻ ԱԶԱՏՈՒԹՅԱՆ ՊԱՀԱՆՋԱՐԿԸ ՀԱՅԱՍՏԱՆՈՒՄ
ԱՐՄԵՆ ՄԱՆՎԵԼՅԱՆԱյսօր` մայիսի 3-ին ողջ աշխարհը նշում է մամուլի ազատության օրը: Այս տոնացույցը սահմանել է Միավորված ազգերի կազմակերպությունը, սակայն ասել, թե ողջ աշխարհը բան ու գործը թողած մամուլի ազատության խնդիրներով ...ԱԿԱԴԵՄԻԱՅԻ ՏԱՐԵԿԱՆ ԺՈՂՈՎԻՑ ՀԵՏՈ ԳԻՏՈՒԹՅՈՒՆԸ ՄՂՎԵԼ Է ԽՈՇՈՐ ՊԼԱՆ
ՌՈՒԶԱՆ ՊՈՂՈՍՅԱՆԳիտությունների ազգային ակադեմիայի տարեկան ընդհանուր ժողովում հանրապետության նախագահի եւ վարչապետի ներկայությունը բավականին աշխուժացրեց մամուլի ակումբներին՝ նրանց հայացքը միանգամից սեւեռելով գիտության ...ՎԵՐԱԲԱՑՎԵՑ ՀՐԱՊԱՐԱԿԻ «7 ԱՂԲՅՈՒՐԸ»
«Երեւան» ամսագրի նախաձեռնությամբ եւ Երեւանի քաղաքապետարանի աջակցությամբ բարեկարգվել է Հանրապետության հրապարակի «7 աղբյուր» կամ Կաթնաղբյուր կոչվող ցայտաղբյուրը, որի վերաբացումը տեղի ունեցավ մայիսի 2-ին: ...ՄՏՈՐՈՒՄՆԵՐ ՄԵԼԳՈՆԵԱՆ ԲԱՐԵՐԱՐՆԵՐՈՒ ՕՐՈՒԱՆ ԱՌԻԹՈՎ
ԱԳԱՊԻ ՆԱՍԻՊԵԱՆ-ԷՔՄԵՔՃԵԱՆ, Պատմաբան-աղբյուրագետ, ՄԿՀ նախկին տնօրենՍբ. Յովհաննես Կարապետի տօնին առիթով, մելգոնեանցիներ, ի սփիւռս աշխարհի, սրբազան աւանդութեամբ մը, կը խոնարհին իրենց պաշտելի բարերարներուն՝ Գրիգոր ու Կարապետ Մելգոնեան եղբայրներու յիշատակին առջեւ ու կ՛ուխտեն ...ՄՈՎՍԻՍՅԱՆԸ ՄՈՏ Է ՀԱՋՈՂՈՒԹՅԱՆԸ
ԱՇՈՏ ՀԱՅՐԱՊԵՏՅԱՆՍլովակիայում բնակվող Սերգեյ Մովսիսյանը Պլովդիվում ընթացող շախմատի Եվրոպայի առաջնությունում մոտ է վերջնական հաջողությանը: Մրցումների ավարտից մեկ տուր առաջ Սերգեյը 7,5 միավորով Յուրի Կրիվորուչկոյի, Վլադիմիր ...ՀԱՅ ՍԱՄԲԻՍՏՆԵՐԻ ՀԱՐՈՒՍՏ ԱՎԱՐԸ
ԱՇՈՏ ՀԱՅՐԱՊԵՏՅԱՆԹբիլիսիում ավարտված սամբոյի Եվրոպայի առաջնությունից մեդալների հարուստ ավարով տուն կվերադառնան հայ սամբիստները: Նախ առաջնության պարգեւները վիճարկեցին դասական սամբոյի մասնակիցները, ապա սամբիստներն ուժերը ...ԱՐՈՆՅԱՆԸ ԿՄԱՍՆԱԿՑԻ ՍՈՖԻԱՅԻ ՄՐՑԱՇԱՐԻՆ
ԱՇՈՏ ՀԱՅՐԱՊԵՏՅԱՆՀայաստանի շախմատիստների առաջատար Լեւոն Արոնյանը շուտով նորից կնստի խաղասեղանի շուրջը: Նա կմասնակցի մայիսի 7-18-ը Բուլղարիայի մայրաքաղաք Սոֆիայում կայանալիք շախմատի ավանդական մրցաշարին: Արոնյանի մրցակիցները ...ԶՐՊԱՐՏԱԳԻՐ ՍՅՈՒՆԻՔԻ ՄԱՐԶՊԵՏԻ ԴԵՄ
ՍՄԲԱՏ ԹՈՐՈՍՅԱՆ 1Մերօրյա մամուլի որոշ միջոցներում հրապարակվող առանձին հոդվածներ հար եւ նման են ստալինյան շրջանում տպագրված բանսարկություններին եւ հայհոյախոսություններին, որոնք գրվում են «հիմնվելով» բացահայտ կեղծ ու ասեկոսային ...
ՖՐԱՆՍԻԱՅԻ ՄԱՍՈՆՆԵՐԻ ՄԵԾ ՎԱՐՊԵՏԸ ԱՊՐԻԼԻ 24-Ի ԵԼՈՒՅԹՈՎ ԱՆԿՅՈՒՆ Է ԽՑԿԵԼ ԹՈՒՐՔԵՐԻՆ
Հ. ՉԱՔՐՅԱՆ
ԴՐՈՇ ԱՅՐԵԼԸ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԱԿՑԻԱ Է, ԵԹԵ ԴԱ ԿԱՏԱՐՎՈՒՄ Է ՏՎՅԱԼ ԵՐԿՐԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑՉԻ ԿԱՄ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑՉՈՒԹՅԱՆ ԱՌՋԵՎ
ՀԱԿՈԲ ՉԱՔՐՅԱՆ
ՊԻՏԻ ԳԱՐ ՕՐԸ, ՈՐ ԵՂԵՌՆԻ ԶՈՀԵՐԻ ՀԻՇԱՏԱԿԻ ՕՐՆ ԻՍԿ ԴԱՐՁՆԵԻՆ ՍՈՎՈՐԱԿԱ՞Ն
ԱՂԱՎՆԻ ՀԱՐՈՒԹՅՈՒՆՅԱՆ
ԿՏՐՈՒԿ ՏԱՏԱՆՈՒՄՆԵՐ 300 ԽՈՇՈՐ ՀԱՐԿԱՏՈՒՆԵՐԻ ՑԱՆԿՈՒՄ
ԱՐԱ ՄԱՐՏԻՐՈՍՅԱՆ
ԱՄՆ-Ը ԻՐԱՆԻ ՎՐԱ ՀԱՐՁԱԿՎԵԼՈՒ ԾՐԱԳԻՐ Է ՄՇԱԿՈՒՄ

ԱՀԱԲԵԿՉՈՒԹՅՈՒՆԸ ԵՎ ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ՝ ԸՍՏ ԱՄՆ ՊԵՏԴԵՊԻ
ԱՐՄԵՆ ՄԱՆՎԵԼՅԱՆ
ՍՈՒՐԵՆ ՀԱՐՈՒԹՅՈՒՆՅԱՆ. Ի ՎԵՐՋՈ ՄԵՆՔ ՊԻՏԻ ԴԱՌՆԱ՞ՆՔ ԺԱՄԱՆԱԿԱԿԻՑ ՔԱՂԱՔԱԿԻՐԹ ՊԵՏՈՒԹՅՈՒՆ
ը վարեց ՌՈՒԲԵՆ ՀԱՅՐԱՊԵՏՅԱՆԸ
«ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՍՏԵՐԻ ԴԵՄ ՊԱՅՔԱՐԻ» ԿԱՐԳԱԽՈՍՈՎ ՀԱՆՐԱՀԱՎԱՔ ՆՅՈՒ ՅՈՐՔՈՒՄ
Հ. Չ.
ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՏԱՐԱԾՔՈՒՄ ՔԱՐՏԵՐ, ՀԱՅԱՍՏԱՆԻՑ ԴՈՒՐՍ՝ ԱՆՁՆԱԳՐԵՐ
ԱՐԱ ՄԱՐՏԻՐՈՍՅԱՆ
ՏԵՐ-ՊԵՏՐՈՍՅԱՆԻ ԿՈՂՄՆԱԿԻՑՆԵՐԸ ԴԻՄՈՒՄ ԵՆ ԵՎՐՈԴԱՏԱՐԱՆ

- 1881 Խաչատուր Կերեքցյանի նախաձեռնությամբ Կարինում հիմնադրվեց «Պաշտպան հայրենյաց» գաղտնի կազմակերպությունը:
- 1905 Ծնվեց հայ ռեժիսոր Վարդան Աճեմյանը: (Վախճ. 1977թ.-ին):
- 1957 Մահացավ հայագետ, ակադեմիկոս Գրիգոր Ղափանցյանը:
- 1997 Լիբանանի Հանրապետության խորհրդարանը նկատի ունենալով, որ ամեն տարվա ապրիլի 24-ը առիթ է ոգետոչելու հայ ժողովրդի դեմ կատարված ջարդերի արհավիրքի հիշատակը, բանաձև ընդունեց ամեն տարի այդ օրը հայ ժողովրդի հետ միասնության օր հայտարարելու մասին:
- 1998 Ալեքսանդրիա քաղաքի (Եգիպտոս) գերեզմանատանը տեղի ունեցավ Սերոբ Աղբյուրի կողակից և ազգային հերոսուհի Սոսե Մայրիկի (Սոսե Վարդանյան) աճյունները Երևան տեղափոխելու արարողությունը:
ԼՈՒՐԵՐ ՀԱՅԱՍՏԱՆ
ՕՆԼԱՅՆ ԼՈՒՐԵՐ
ԻՆՖՈՐՄԱՑԻԱ
ԻՄ ԱՐՄԹԱՈՒՆ

Ինչպե՞ս թողնել ծխելը
Ինչպե՞ս գրել Հայերեն Windows XP միջավայրում

